2014-09-12 11:15:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 12 սեպտեմբերի քարոզը` ''Կարելի չէ մէկ մը սրբագրել առանց սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան''։


''Կարելի չէ մէկ մը սրբագրել առանց սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան։ Կարելի չէ վիրահատել առանց զգայազրկումի։ Եղբայրսիրութիւնը նման է զգայազրկումին որ օգտակար է ընդունելու պէտք եղած դարմանումն ու սրբագրութիւնները''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Ուրբաթ, 12 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։
Օրուան սուրբ գրային ընթերցումին մէջ Յիսուս կը հանդիմանէ անոնք որ իրենց եղբօր աչքերուն մէջ կը տեսնեն շիւղը ու նկատի չեն առներ իրենց աչքերուն մէջ գտնուող գերանը։
''Եղբայրական սխալներու սրբագրութիւնը անհրաժեշտ գործ մըն է դարմանելու Եկեղեցւոյ Մարմինը։ Այս մէկը սակայն պէտք է գործադրուի սիրով, ողորմութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ հեզութեամբ'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – ''ուշադիր ըլլալով մեր եղբայրը չի վիրաւորել ու չդառնալ ''կեղծաւորներ''։

''Տիրոջ հետ կայ միշտ խաչը։ Դատաւորներ մի ըլլաք'' յանձնարարեց Քահանայապետը, ''այլ հեզութեամբ ջանանք սրբագրել ուրիշներու սխալները, այն համոզումով որ մենք եւս մեղաւորներ ենք։
Թող Տէրը մեզ օգնէ այս եղբայրական ծառայութեան մէջ, որ գեղեցիկ ու ցաւալի է, որպէսզի կարենանք օգնել մեր եղբայր ու քոյրերը միշտ աւելի լաւին դիմելու, ու այս մէկը կարենանք ընել գթութեամբ, սիրով, ճշմարտութեամբ եւ հեզութեամբ'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.